Նախանցեալ օր, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Մաուրիցիօ Սարրի ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը դուրս մնաց «Չեմփինզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, չկարենալով հասնիլ քառորդ աւարտականին:
Սարրի, որ 2019-ին նշանակուեցաւ ակումբին մարզիչ, թէեւ հանդիսացաւ երկրին ախոյեան, բայց չյաջողեցաւ տիրանալ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի եւ գերբաժակի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն, պարտուելով անոնց աւարտականներուն:
Անոր հրաժարակէն ետք, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 41 տարեկան Անտրէա Փիրլօ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ, մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Նշենք, որ Փիրլօ օրեր առաջ նշանակուած էր ակումբին 23 տարեկանէն վար խումբին մարզիչ:
Նախապէս, ան իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Եուվենթուսի, անոր շապիկը կրելով 119 անգամ: