«Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երկուշաբթի, կը կատարուին երկու մրցումներ: Մնացեալ երկու ճակատումները տեղի կ’ունենան վաղը՝ երեքշաբթի:
Յաղթական կազմերը ուղղալիօրէն պիտի ապահովեն կիսաւարտականին իրենց տոմսը, նկատի ունենալով որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին որոշումով մրցումները պիտի կատարուին՝ առանց երթուդարձի, այլ՝ միայն մէկ մրցումով:
Այսօրուան մրցումներուն, իրարու դէմ պիտի մրցին, առաջինին՝ Ինթեր Միլան եւ Պայէր Լեւերքուզըն, մինչ երկրորդին՝ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Ֆ. Ք. Քոփենհակըն:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Շախտիոր Տոնեցք կը մրցի Պալի դէմ, իսկ Վուլվզ՝ Սեւիլլայի դէմ:
Վերոնշեալ չորս մրցումներն ալ պիտո սկսին ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: