Իտալական Ա. Էս. Ռոման, երէկ գիշեր դուրս մնաց «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ Սեւիլլայի դէմ 1-16-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ մէջ:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց Ա. կիսախաղին, 22-րդ եւ 44-րդ վայրկեաններուն: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+8-րդ), իտալական կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այսպիսով, Սեւիլլա մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ա. Էս. Ռոմային, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ երէկ, ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ: