Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն՝ Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 21տարեկան միջնապահ՝ Արտյոմ Աւանէսեանի հետ:
Անոր այս փոխանցման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցուեցան:
Նշենք, որ Աւանէսեանի վերջին ակումբը եղաւ, Հայաստանի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիան: