Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ Պունտըսլիկայի կազմակերպիչները յայտնեցին, որ 2020-2021 տարեշրջանին գծով որոշ դասաւորումներու սկսած են:
Նշուեցաւ, որ տեղի ունենալիք մրցումներուն, սահմանափակ թիւով համակիրներու դաշտ մուտքը պիտի արտօնուի, որոնք ստիպուած են պահել իրարու միջեւ հարկ եղած հեռաւորութիւնը: Անոնք իրենց հետ դաշտ չեն կրնար բերել ոգելից ըմպելիներ:
Դաշտ մուտք կրնան գործել միայն հիւրընկալ խումբին համակիրները, որոնց վերջնական թիւին մասին մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին մօտիկ ապագային:
Նոր տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ այս տարեշրջանին ձմեռնային արձակուրդը պիտի ըլլայ աւելի կարճ: Մրցումներ պիտի կատարուին նաեւ 2-3 յունուարին: