Ուաշինկթըն մտադիր է խստացնել Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները` այդ երկրին մէջ իշխանութիւնը փոխելու համար, սակայն բազմաթիւ փորձագէտներ կը կասկածին այդ մօտեցումին արդիւնաւէտութեան վրայ: Այս մասին նշուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարները վճռական տրամադրուած են նոր սահմանափակումներ մտցնելուն նկատմամբ` հիմնուելով ամերիկեան «Սըիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքին վրայ, որ ընդգրկուած է 2020 թուականի ամերիկեան զինուորական պիւտճէի մէջ եւ Ուաշինկթընի վարչակազմին իրաւունք կու տայ սահմանափակիչ քայլեր կիրարկել Դամասկոսին ուղղակի եւ անուղղակի օգնութիւն ցուցաբերող կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գործող տարբեր զինեալ խմբաւորումներուն դէմ:
Յօդուածին մէջ կը մէջբերուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնականի տեղակալ Ճոել Ռայըռնի խօսքերը: Ան նշած է, որ պատժամիջոցները «պիտի չաւարտին», մինչեւ որ «սուրիական վարչակարգն ու անոր դաշնակիցները համաձայնին» երկրին մէջ կառավարութիւնը փոխելու:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ, թէ բազմաթիւ փորձագէտներ կը կասկածին, որ այդպիսի մօտեցումը Միացեալ Նահանգներուն պիտի արտօնէ դիւանագիտական ոլորտին մէջ հասնիլ ցանկալի նպատակներուն:
«Պատժամիջոցները առանձին չեն կրնար լուծել խնդիրը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու Գանձապետարանի արտաքին հաշիւներու վերահսկման գրասենեակի նախկին տնօրէն Ճոն Սմիթ: «Դժուար է հասկնալ, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ ի՛նչ կ՛ընէ, բացի սուրիական վարչակարգի խումբ մը պաշտօնատարները ներառելէ այն ցուցակին մէջ, որ անոնց չի հետաքրքրեր», ըսած է ան: