Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ՝ Փաուլօ Տիպալա ճանչցուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2019-2020 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, յայտնեց մրցաշարքին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին, 26 տարեկան Տիպալա, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 33 մրցումի, նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց նոյնքան կոլային փոխանցում:
Նշենք, որ լաւագոյն մարզիկի մրցանակէն բացի, տրուեցան նաեւ այլ մրցանակներ ալ, որոնց կարգին՝ լաւագոյն բերդապահ, յետսապահ, միջնապահ, յառաջապահ եւ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ: