Ֆրանսական «L’Equipe» պարբերաթերթին համաձայն, ներկայիս աշխարհի լաւագոյն մարզիչն է, Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչը՝ Զինետտին Զիտան:
Այս մէկուն համաձայն գտնուած են նաեւ երկրին մարզական լրագրողները:
Անոր ետին կը գտնուին Լիվըրփուլի մարզիչ՝ Եիւրկըն Քլոփ եւ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ՝ Եոսիփ Կուարտիոլա:
Նշենք, որ ֆրանսացի Զիտան եւ գերմանացի Քլոփ, 2019-2020 տարեշրջանին իրենց ակումբներուն, յաջորդաբար հանդիսացան Սպանիոյ եւ Անգլիոյ ախոյեան: