Thursday Jun 20, 2013

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՈՒՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

By adminx - Mon Jan 16, 7:40 am

Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ստորագրեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանը հրաւիրեց 16 յունուար 2012-էն 19 մարտ 2012 արտակարգ նիստեր գումարելու` սերտելու համար իրեն փոխանցուած օրինագիծերը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց մարոնի համայնքի Կիպրոսի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսը, որ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Կիպրոսի մարոնի համայնքին իրավիճակը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տարեկան դրութեան Պաալպեքի փառատօնը կազմակերպող յանձնախումբը` նախագահութեամբ Նայլա տը Ֆրէյժի:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement