Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 31 յուլիսին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 12 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի մարզի հատուածին մէջ` Ազրպէյճանի կողմէ սահմանամերձ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորմամբ, ուղղակի զինեալ յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին: Կողմերը ընդգծեցին, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը միտումնաւոր կերպով սրելու Ազրպէյճանի հերթական փորձը լուրջ հարուած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին եւ անգամ մը եւս կ’ապացուցէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ բացայայտ քամահրական վերաբերմունքը:
Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` զսպելու նոր յարձակում սանձազերծելու Ազրպէյճանի նկրտումներն ու այդ երկրի իշխանութիւնները բերելու կառուցողական դաշտ:
Արտաքին գործոց նախարարները ընդգծեցին հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան վտանգներու նուազեցման եւ զինադադարի դրութեան վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրման հրամայականը:
Մասիս Մայիլեան եւ Զոհրաբ Մնացականեան վերահաստատեցին հայկական երկու պետութիւններուն միջեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան նոր բովանդակութիւն հաղորդելու արդիականութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նշուած մարզին մէջ համագործակցութեան իրաւական հիմքերու զարգացման անհրաժեշտութեան` հաշուի առնելով ընդհանուր անվտանգային մարտահրաւէրները: Այս առնչութեամբ կողմերը ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ ապակայունացնող քաղաքականութիւն ներմուծելու անընդունելիութիւնը եւ անոր վճռական մերժումը:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ ներկայացուցիչ Սերգեյ Ղազարեանը:
Genocide and Terrorist states understand and STOP if there is A DEFENSE ARM PRODUCTION LOCALLY TO ELIMINATE INVADER..IF WHOLE NATION REALIZE THIS FACT, HELPS TO PRODUCE DEFENSE FACTORIES FIRST !!!