Երէկ՝ չորեքշաբթի, 29 յուլիսին, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը սկսաւ իր հաւաքին, Ծաղկաձորի մէջ:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով, այս հաւաքը պիտի կատարուի առանց կողմնակի անձերու, այլ միայն՝ մարզիկներով, մարզիչներով եւ թեքնիք պատասխանատուներով: Անիկա պիտի աւարտի յառաջիկայ 11 օգոստոսին:
Նշենք, որ այս հաւաքը պիտի սկսէր այս ամսուան սկիզբը: Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ, նկատի ունենալով որ հաւաքականին երեք անդամները վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով: