Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց ոտնձգութիւններ գործել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով ամբողջ Լիբանանի վերեւ:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի, Քեսրուանի, Սայտայի, Ժեզզինի, Իքլիմ Խարրուպի, Հասպայայի, Արքուպի եւ Նապաթիէի վերեւ:
Նապաթիէի վերեւ իսրայէլեան օդանաւերը գործեցին նաեւ կեղծ յարձակումներ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաստատեց, որ նախանցեալ օրուան Ժապալ Շէյխի ապահովական միջադէպը կարեւոր էր` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը սահմանին վրայ արգիլած են Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ իսրայէլեան հողեր ներթափանցումը:
«Մենք պատրաստ ենք ամէն տեսակի բեմագրութիւն դիմակայելու եւ պիտի ձախողեցնենք շրջանին մէջ իրանեան ուժերու տեղակայումի բոլոր փորձերը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յստակացնէ, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ նախանցեալ օր ի՞նչ կատարուած էր, «որովհետեւ ոչ ոք հասկցաւ հոն պատահածը», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը որոշած է յաւելեալ ուժեր, արդիական սպառազինում եւ մասնայատուկ ուժեր ուղարկել հիւսիսային շրջան, այլ խօսքով` Լիբանանի հետ սահմանակից շրջան: