Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարին յայտնած են, որ կրնան անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատել, որովհետեւ ան կը խոչընդոտէ հիւսիս ափրիկեան այս երկրէն քարիւղի մատակարարումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»-ը:
Ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, այդ տեղեկութիւնը Հաֆթարին փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները: Յստակ չէ, թէ այդ պատժամիջոցները ե՛րբ պիտի հաստատուին:
Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները Հաֆթարի դիրքորոշումը կը համարեն «ծիծաղելի եւ անզիջում»:
Ուաշինկթըն վստահ է, որ պատժամիջոցներու սպառնալիքը կրնայ ազդել Հաֆթարի վրայ, որովհետեւ ան Միացեալ Նահանգներու մէջ կալուածներ ունի: Կը նշուի, որ խօսքը կը վերաբերի Վըրճինիա նահանգին մէջ 185 հազար տոլար արժողութեամբ ագարակի եւ 364 հազար տոլար արժող բնակարանի:
Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, թէ Հաֆթար ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունի եւ ան նախապէս կապեր ունեցած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ: