Լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերն ու անձնաւորութիւններու համախմբումը երէկ գումարեցին իր նիստը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին առողջապահական, տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի տարածումէն պէտք է զգուշանալ եւ հակակշիռին տակ առնել վիճակը` խստացնելով նախազգուշութիւնները:
Հաղորդագրութիւնը դիտել կու տայ, թէ երկրին մէջ կը տիրէ մտահոգիչ իրավիճակ` ընդգծելով, որ համապատասխան եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պէտք է որդեգրուին կասեցնելու համար համավարակին արագ ընթացքը:
Համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան` յանդուգն որոշումներ տալու, յատկապէս` անոնց համար, որոնք յանձնառու չեն մնար առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն:
Նաեւ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցիներուն` յաւելեալ գիտակցութեամբ մօտենալու այս հարցին` ընդգծելով, որ համաճարակին դէմ պայքարելու միակ միջոցը առողջապահութեան նախարարութեան եւ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան որդեգրած միջոցառումներուն յանձնառու մնալն է: