Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»յի 36-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը՝ Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սամտորիային, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, տիտղոսը պահեց իր մօտ աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Այսպիսով, վերջին ինն տարիներուն, երկրին ախոյեանը մնաց՝ անփոփոխ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ֆետերիքօ Պերնարտեսչի: Նոյնինքն՝ Ռոնալտօ 89-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել: Նշենք, որ 77-րդ վայրկեանին, հիւր կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս ունեցաւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը, երկրորդ դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանի վրայ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ճենովայի դաշտէն, ունեցաւ 76 կէտ:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Ֆիորենթինային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց՝ Ճորտըն Վերեթութ, երկուքն ալ՝ փենալթի-ով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 82-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
36-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Ա. Էս. Ռոմա 64 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: