Հազարաւոր թուրքեր երէկ մասնակցեցան Այա Սոֆիայի մէջ՝ անոր թանգարանէ մզկիթի վերածուելէն ետք կատարուած առաջին նամազին, որուն ներկայ էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ նամազին սկիզբը Քորանէն հատուած մը կարդաց։
Նամազին քարոզիչն էր Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարը, որ քարոզիչին յատուկ բեմը բարձրացաւ՝ ձեռքին ունենալով օսմանցիներու «ներխուժումներու սուրը»։ Մինչ այդ՝ սուգի զանգեր ղօղանջեցին Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ, ուր հնչեց «Աքասիա» շարականը, որ երգուած էր 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումի ընթացքին։