Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերուն կոչ ուղղեց` զգօնութիւն ցուցաբերելու եւ սադրանքներով չտարուելու:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Վերջին շրջանին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ՛արձանագրուին Հայաստանի քաղաքացիներու, հայ համայնքներու անդամներու հանդէպ բռնութեան դէպքեր եւ փորձեր: Եղած են նաեւ արտերկրի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան եւ հայ համայնքներու բնականոն աշխատանքի խոչընդոտման, անոնց պատկանող անձնական եւ ծառայողական գոյքի դիտաւորեալ ոչնչացման դէպքեր, որոնք յատուկ պարագայի սպառնացած են նաեւ դիւանագիտական անձնակազմի անվտանգութեան: Ցեղապաշտական բնոյթի քայլերու կը ձեռնարկուին խոչընդոտելու Հայաստանի առեւտրական-տնտեսական կապերը տարբեր երկիրներու հետ:
«Այս գործողութիւններու ընդլայնուող աշխարհագրութիւնը եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ իրականացուող գործողութիւններուն մէջ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու ներգրաւման փաստերը կը վկայեն, որ վերոնշեալ գործողութիւնները կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի պետական կառոյցներուն կողմէ:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք տարբեր երկիրներու մէջ ազգամիջեան բախումներ հրահրելու գործելակերպը, որ Պաքուի անպատասխանատուութեան հերթական դրսեւորումն է եւ ամբողջովին կը տեղաւորուի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` երկու ժողովուրդներու միջեւ առանց աշխարհագրական սահմանափակման թշնամութեան հրահրման հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան մէջ:
«Կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն` ցուցաբերելու զգօնութիւն, չտրուելու որեւէ սադրանքի, նման պարագաներու անմիջապէս կապ հաստատելու տեղւոյն իրաւապահ մարմիններուն, հայ համայնքային կառոյցներուն եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ»: