Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտած է Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ տեղեկութիւններ ստանալու փորձերը:
ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն կը յայտնեն, որ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները կ՛օգտագործեն Հայաստանի տարբեր բջիջային գործարկող ընկերութիւններու հեռաձայնային թիւերը եւ` հեռաձայնելով Հայաստանի քաղաքացիներուն, անկախ հետազօտութիւններ իրականացնելու պատրուակով իբր թէ կը կատարեն ընկերային հարցախոյզեր Հայաստանի մէջ, յատկապէս` զինուած ուժերու մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ հետախուզական բնոյթի տեղեկութիւններ ստանալու համար:
Մասնաւորապէս, նմանօրինակ հեռաձայնային կապեր արձանագրուած են 094-39-75-95 եւ 093-52-72-08 բջիջային հեռախօսի թիւերէն:
ԱԱԾ-ն կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի քաղաքացիներուն` կապ չհաստատելու, տուեալներ չփոխանցելու կամ չպատասխանելու կասկածելի հեռաձայնային կապերու, իսկ անկախ հետազօտութիւններու հարցումներուն պատասխանել միայն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարողին ինքնութիւնը պարզելէն ետք: