Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուս,երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ուտինեզէէն, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Թէեւ Ա. կիսախաղին Եուվենթուս 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին, սակայն դաշտին տէրը Բ. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ, տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ բարձրացաւ 15-րդ դիրք:
Եուվենթուս թէեւ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ՝ 80 կէտով, սակայն անոր անմիջական մրցակիցը՝ Աթալանթա կէտերու տարբերութիւնը կրնայ կրճատել երեքի, եթէ 36-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, յաղթական վերադառնայ Ա. Սէ. Միլանի դաշտէն: Այս վերջինը, 59 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Այսօրուան Ա. Սէ. Միլան-Աթալանթա մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: