Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը դատապարտած է «Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի նախայարձակումը»: Այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ գումարուած Թուրքիոյ Ազգային անվտանութեան խորհուրդի նիստէն ետք:
Յայտարարութեան մէջ, ինչպէս միշտ, Թուրքիան Հայաստանէն կը պահանջէ «վերջ տալ նախայարձակումին եւ դուրս գալ ազրպէյճանական տարածքներէն»:
Ուշագրաւը այն է, որ երկրի նախագահական պալատի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք Թուրքիոյ ներգրաւուած այլ տագնապներու` Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի, Արեւելեան Միջերկրականի շարքին դասած է նաեւ հայ¬ազրպէյճանական տագնապը: