Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ զինուորական վերջին գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք մահացած ազրպէյճանցի զինուորներուն ընտանիքներուն ինքնաշարժներ եւ բնակարաններ նուիրելու արարողութեան ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` Ազրպէյճանի դէմ «առանձին» կռուելու` աւելցնելով. «Այդ ժամանակ կը տեսնենք, թէ ո՛վ կը յաղթէ»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ազրպէյճանի նախագահին պնդումով. «Ազրպէյճան Հայաստանի կործանիչ հարուած հասցուցած է, որմէ ետք Հայաստանը դիմած է ՀԱՊԿ-ի օգնութեան ու ոչ մէկ արդիւնքի հասած»:
Ալիեւ նշած է նաեւ, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն «Ղազախստանն ու Խըրխըզիստանը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ազրպէյճանին այլ կազմակերպութիւններու` Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ծիրին մէջ, իսկ Պիելոռուսիան` Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման ծիրին մէջ»:
Ալիեւի համաձայն, ՀԱՊԿ-ին դիմելէ առաջ «Հայաստան պէտք է յիշէ, թէ ինչպէ՛ս այդ կառոյցը վիրաւորած է` առանց միւս երկիրներուն հետ համակարգելու ձերբակալելով կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը»:
«Մեզի հետ դէմ առ դէմ կռուեցէ՛ք, տեսնենք` ո՛վ կը յաղթէ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը` դիմելով Հայաստանի ղեկավարութեան: