Լոտրիան Այսօր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ
Իշխանութեան Պետերուն Եւ Ռայի Պատրիարքին Հետ
«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ ֆրանսական պաշտօնական աղբիւրներ հաստատած են, որ Լիբանանի տագնապը կը շահագրգռէ ամբողջ շրջանը` աւելցնելով, թէ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանի տագնապին առնչութեամբ յայտարարուած չէզոքութեան կոչին:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանանի օժանդակութեան ամբողջական ծրագիրի մը մասին պիտի յայտարարէ:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մոշիքիուապուէն, որ շեշտեց, թէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընտանիքը կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին եւ պատրաստակամ է ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի տարբեր երկիրներ օժանդակեն Լիբանանին` զայն դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապներէն:
Մոշիքիուապու կոչ ուղղեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընտանիքին` զօրակցութիւն յայտնելու լիբանանցիներուն եւ ամէն իմաստով համագործակցելու անոնց հետ:
Ան հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ Միջին Արեւելքի կայունութեան մէջ Լիբանանը հիմնական դերակատարութիւն ունի:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան այսօր կէսօրէ առաջ պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, վարչապետ Հասսան Տիապին, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Նասիֆ Հըթթիին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն հետ:
Կը նախատեսուի, որ Լոտրիան Լիբանանի մէջ քննարկէ շարք մը հարցեր, որոնցմէ` հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի, հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, վարչական, ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու, Լիբանանի սեփական դպրոցներու թղթածրարները: