Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող տարբեր տագնապներ:
Պլոքը զարմանք յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւններուն մասին:
Պլոքը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` դրուատելով լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութիւնը, նաեւ ընդգծելով, որ Իսրայէլ միակ կողմն է, որ կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը եւ ոչ մէկ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ այդ բանաձեւը կիրարկելու առումով:
«Կառչած կը մնանք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, իսկ զայն փոփոխութեան ենթարկելու որեւէ փորձ կը նկատենք շրջանին ապահովութեան սպառնացող կարելիութիւն», հաստատեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը:
Պլոքը կոչ ուղղեց կառավարութեան` ստանձնելու իր պարտականութիւնները եւ իր իշխանութիւնը բանեցնելու երկրին վրայ: «Քորոնա» համաճարակի տարածումին իբրեւ հետեւանք, պլոքը կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ մնացեալ բոլոր նախարարութիւններուն` խստացնելու հանրային վայրերուն մէջ տիրող պայմանները եւ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու: