ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հաստատեց, որ չէզոքութիւնը լիբանանեան պատմութեան եւ հիմնադրութեան առանցքը կը կազմէ` աւելցնելով, թէ ինք պիտի հրաւիրէ ընդարձակ երկխօսութեան մը, որ ոչ ոք կը բացառէ:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին եւ շաբաթ, 1 օգոստոս 2020-ին:
Նշենք, որ Տար Ֆաթուա եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտարարած էին, որ Ատհայի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարը կառավարութեան մօտ առաջնահերթութիւն դառնայ:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ դատարանը որոշեց ջնջել Ա. կարգի պաշտօնեաներու նշանակման գործիքակազմը ճշդող օրէնքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին առաջադրանքին նկատմամբ դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու` մաղթելով, որ անիկա կ՛ըլլայ Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու ուղեգիծը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը իր նիստը գումարեց նախագահութեամբ` երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ զայն այլոց տագնապներէն զերծ կացուցելու քայլը բանավէճի նիւթ պէտք չէ ըլլան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ հաստատեց, որ չէզոքութիւնը գերիշխան պետութեան եւ հզօր բանակի խորագիրն է, ինչպէս նաեւ զգուշացուց չէզոքութեան առաջադրանքը համայնքային վերիվայրումներու ենթակայ դարձնելու փորձերէն: