Ազրպէյճանի մէջ Սերպիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տանիցա Վէյնովիչ կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Պելկրատի կողմէ Հայաստանին մեծ քանակութեամբ զինամթերքի մատակարարման տեղեկութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«2020 թուականի յուլիսի 20-ին, Ազրպէյճանի Սերպիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տանիցա Վէյնովիչ կանչուած է Ազրպէյճանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովի հետ: Վերջինս նշած է, որ ըստ հաւաստի եւ հաստատուած տեղեկութիւններու, մեծ քանակութեամբ զինամթերք, ներառեալ ականանետեր եւ տարբեր տրամաչափի զինամթերք, Սերպիայէն ուղարկուած են Հայաստան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսած է. «Սերպական կողմին ոչ բարեկամական քայլը` ի աջակցութիւն Հայաստանի յարձակողական քաղաքականութեան, նաեւ անոր` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ շարունակուող նախայարձակումը խոր ափսոսանք եւ հիասթափութիւն կը յառաջացնեն Ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան մօտ»:
Խալաֆով շեշտեց, որ այդպիսի ոչ բարեկամական գործողութիւններ կը խաթարեն Ազրպէյճանի ու Սերպիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, եւ ստուեր կը ձգեն փոխադարձ վստահութիւն վայելող բարձր մակարդակի վրայ», կ՛ըսուի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած էին տեղեկութիւն, ըստ որուն, Սերպիան` Վրաստանի տարածքով զինամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն շտապած է հերքել տարածուած տեղեկութիւնը: