Քարոզչական պատերազմը պէտք չէ իշխանութիւնը առանձին մղէ, այլ բոլորս պէտք է լծուինք գործի: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք ազրպէյճանական կողմի` սահմանին հրահրած սադրանքէն ետք միջազգային արձագանգը պատշա՞ճ էր:
«Այս օրերուն աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ոչ թէ նայիլ, թէ իշխանութիւնը ի՛նչ ըրաւ կամ չըրաւ, անոր օրը կու գայ, այլ նայիլ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ ըրաւ եւ արդեօք իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրա՞ւ այդ նպատակին համար: Պարզ է` դեռ ընելիք կայ, որովհետեւ կացութիւնը այնպէս չէ, որ ասիկա պահ մըն է եւ անցաւ: Ազրպէյճան պատերազմ սանձազերծած է Հայաստանի եւ հայութեան դէմ, եւ այս առումով բոլորս ընելիք ունինք, եւ առնուազն քարոզչական պատերազմը պիտի չվերջանայ», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով միջազգային արձագանգին` Կ. Մանոյեան պատասխանեց. «Որոշ պետութիւններ կամ միջազգային կառոյցներ պէտք է արձագանգէին, բայց անպայման մեր ուզածին նման չարձագանգեցին: Ասոր պատճառը այն չէ, որ մենք լաւ կամ վատ աշխատած ենք, այլ այն, թէ իրենց շահերէն ինչ կը բխի: Նկատի ունիմ, օրինակ, ՀԱՊԿ-ի կամ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն արձագանգները: Այս հարցով միշտ ընելիք ունինք, այս պարագային նաեւ աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն կայ, որ այդ աշխատանքին նոր թափ տանք, նոր զարկ տանք», ըսաւ ան:
Հայ դատի գրասենեակին տարած աշխատանքին գծով, ան նշեց, որ աշխատանքները դեռ չեն վերջացած, արդիւնքներ արձանագրելը ընթացքի մէջ է: «Օրինակ` այսօր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի նախատեսուած զինուորական օժանդակութեան հարցը, նաեւ հանրային կարծիքի համար կազմակերպուեցան բազմաթիւ ցոյցեր, որոնք պիտի շարունակուին», ըսաւ ան: