ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ` ԱՆԱՀԻՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հանգուցեալ Անահիտ Բագրատունիի զաւակներն ու ընտանեկան պարագաները իրենց մօր մահուան առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, ներկայ եւ նախկին նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի եւ զօր. Միշէլ Սլէյմանի, Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի, Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն (ներկայ եւ նախկին), լիբանանեան կուսակցութիւններու պետերուն, զինուորական, քաղաքական եւ կրօնական դէմքերուն, Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Լիբանանի թեմի Ազգ. իշխանութեանց հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքապետներուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Բիւրոյին, Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհատարած դաշնակցական մարմիններուն, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեանց, մշակութային, մարզական թէ բարեսիրական միութեանց վարչութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ թէ հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով մասնակից եղան ԱՆԱՀԻՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻի մահուան սուգին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1961-ի շրջանաւարտներէն`
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 յուլիս 2020-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: