Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու ընկերային – տնտեսական տագնապներն ու անոնց լուծման կարելիութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ երկրի վարիչներուն ունեցած հաղորդակցութիւններուն, մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Աւելի՛ն, Լիբանան կը գտնուի մօտալուտ մտահոգիչ ժամկէտներու սեմին, ինչպէս` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցագործներուն գծով 7 օգոստոսին Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք վճիռը եւ այս գծով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանելիք խօսքը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցը, որ կրնայ քաղաքական խաղաքարտի վերածուիլ արտաքին կողմերուն մօտ եւ միւս կողմէ` հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին ճշդումը Իսրայէլի հետ, որուն նախագահը երէկ սպառնաց, թէ Իսրայէլ ձեռնածալ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ իր դէմ հակադրուող արտաքին միջամտութիւններու դիմաց, յայտնապէս ակնարկելով Իրան-Հըզպալլա կապերուն:
Նմանապէս Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի տագնապը ընկերային-տնտեսականէն շատ աւելի հեռու` քաղաքական խորքով տագնապի վտանգ կը սպառնայ: Անոր այս յայտարարութիւնը կ՛առնչուի Լիբանանի ստանձնելիք ՄԱԿ-ի փոխնախագահի ժամանակաւոր «պաշտօնին» եւ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանի կցման սպառնալիքներուն:
Նախագահ Աունի Խօսքը
Այս գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. ՄիշԵլ Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը երկրի պաշտպանութեան գծով: «Չէզոք ըլլալ չի՛ նշանակեր զիջիլ երկրին պաշտպանութեան մեր իրաւունքէն եւ կը շեշտենք, թէ մենք նախանձախնդիր ենք մեր երկրի պաշտպանութեան` չէզոք ըլլանք կամ ոչ», ընդգծեց նախագահ Աուն երէկ` իսլամ կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին: Ան նաեւ նշեց, որ ճիգեր կը թափուին սուրիացի գաղթականներու տունդարձին գծով: Իսկ ընկերային-տնտեսական տագնապին գծով նախագահ Աուն վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը փտածութեան դիմակալման եւ յանցագործներու հաշուետուութեան գծով: «Դատական մանրակրկիտ հետաքննութիւնը պիտի քողազերծէ փտածութեան բոլոր երեսներն ու յանցագործները», շեշտեց նախագահը` դիտել տալով, որ աշխատանք կը տարուի կարիքաւոր ընտանիքներուն յատկացուող օժանդակութեան գումարը աւելցնելու գծով: Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ նախագահ Աունի դրսեւորած այս կեցուածքը անուղղակի պատասխան մըն էր վերջերս մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին պահանջած «չէզոք քաղաքականութեան» որ ընդգծէ Լիբանանի գերիշխան ու անկախ պետականութեան դիմագիծը:
Այս գծով ուշագրաւ է Վատիկանի կեցուածքը, որ ցնցուած էր իմանալով, թէ մեծ թիւով լիբանանցիներ, յատկապէս քրիստոնեաներ կը միտին գաղթել Լիբանանէն, անմիջապէս որ պայմանները ձեռնտու ըլլան: Այս գծով Վատիկանի շրջանակներ քուլիսներու ետին ահազանգ հնչեցուցած են` Լիբանանի թէ արտաքին կողմերու (Ուաշինկթընի եւ Փարիզի) թելադրելով լուծման անմիջական քայլերու ձեռնարկել, պահպանելու համար Արեւելքի մէջ Լիբանանի քրիստոնէական դիմագիծը: Հոսկէ` Ռայի պատրիարքին կոչը` վերադառնալու Լիբանանի նախկին չէզոք ու Արեւելք-Արեւմուտք կամրջումի դերակատարութեան` միաժամանակ պահելով պետութեան ինքնիշխան հեղինակութիւնը: Փաստօրէն, Փարիզի «Օգնեցէ՛ք, որ օգնենք ձեզի» կոչը ինքնստինքեան չէր եւ կը միտի թափ տալ Լիբանանի բարեկարգման ու ըստ այնմ տրամադրուելիք օժանդակութեանց քայլերուն: Նմանապէս ակնյայտ էր Ուաշինկթընի «մեղմ» կեցուածքը, որ կը վերահաստատէր Լիբանանին եւ յատկապէս անոր բանակին օժանդակելու ամերիկեան յանձնառութիւնը:
Վարչապետարանին Մէջ Եւս
Նոյն ծիրին մէջ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ մարաթոնային ժողովներ ունեցաւ անջատաբար իւրաքանչիւր նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ` մօտէն հետեւելով տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան տարողութեան:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց գծով եւս քուլիսներու ետին սերտ ճիգեր կը տարուին` կառավարութեան, խորհրդարանին եւ Կեդրոնական դրամատան պատկան պատասխանատուներուն միջեւ, միացեալ կեցուածքով եւ յստակ քայլերով բանակցութեան սեղան նստելու նախանձախնդրութեամբ:
Նաեւ` Դիւանագիտական Մարզին Մէջ
Դիւանագիտական մակարդակի վրայ նոյնպէս ճիգերը շարունակուեցան երէկ` զարկ տալու համար Լիբանանի արտաքին օժանդակութեան նախաձեռնութեանց: Այս իմաստով մօտ օրէն Լիբանան պիտի այցելեն Քաթարի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի մագոգային ճիգերը` երկրի վարիչներուն եւ «բանալի» դեսպանատուներու հետ, իրենց վրայ կեդրոնացուցին հայեացքները: Քուէյթէն ետք Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան հետ Իպրահիմի ունեցած շփումները խոստմնալից կը թուին, թէեւ օժանդակութեան յստակ ժամկէտներ չյայտարարուեցան տակաւին:
Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի եւ Լիբանանեւսուրիական գործակցութեան մարմինի նախագահ Նասրի Խուրիի հետ զօրավար Իպրահիմի տեսակցութիւնները նմանապէս դրական քայլ նկատուեցան սուրիացի գաղթականներու տունդարձի նախապատրաստութեան ճիգերուն մէջ: Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին տեղեակ պահեց արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթին` անոր հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Իսկ Իրանի դեսպանին Տիման այցելութիւնն ու Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած խօսակցութիւնները նոյնքան յուսատու թուեցան յատկապէս դեսպանին ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին լոյսին տակ: «Իրան սկզբունքով միջամուխ չէ Լիբանանի ներքին հարցերուն, եւ մենք տրամադիր ենք ամէն օժանդակութիւն յատկացնելու Լիբանանին, պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ», յայտարարեց Իրանի դեսպանը` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն չզլանալու եւ օգնելու Լիբանանին:
Արտաքին ճակատի վրայ եւս իմացուեցաւ, թէ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը երէկ նամակ մը յանձնած է ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան` առաջարկելով Լիբանանը զերծ պահել «Սիզըր» օրէնքի պատժական տնօրինումներէն, յատկապէս` ելեկտրականութեան, երկրագործութեան եւ սննդեղէնի փոխանցման քայլերու ծիրին մէջ: Նշեալ նամակին մէկ պատճէնը յղուած է նաեւ Աուքարի ամերիկեան դեսպանատան: