Հակառակ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի յայտարարութեան, թէ կարիքաւոր ընտանիքներուն յատկացուող օժանդակութեանց տարողութիւնը պիտի աւելնայ եւ հակառակ նախարար Ռեմոն Ղաժարի վստահեցումին, թէ ելեկտրական հոսանքի բաշխումը պիտի բարելաւուի, երէկ բողոքի ելոյթները շարունակուեցան Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան առջեւ ցուցարարներ բողոքեցին ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատման դէմ եւ պահանջեցին նախարար Ռեմոն Ղաժարի հրաժարականը:
Ընկերային հարցերու նախարարութեան առջեւ նոյնպէս ցուցարարներ բողոքեցին քաղաքացիներուն դէմ ցուցաբերուող խիստ կեցուածքներուն դէմ եւ պահանջեցին նախարար Մշարրաֆիէի հրաժարականը: Նշենք, որ վերջերս նախարարի թիկնապահներուն հետ առնչուող քանի մը զինեալներ բուռն ծեծի ենթարկած էին ընդդիմադիր իրաւաբան Ուասեֆ Հարաքէն:
Պէյրութի հարաւային կողմը` Ուզահիի շրջանին մէջ բնակիչներ փողոց իջան եւ որոշ ժամանակով փակեցին ճամբան` պահանջելով օգնել կարիքաւորներուն եւ գործադրել ապրուստի տարրական պէտքերը, ելեկտրականութեան, ջրաբաշխումի թէ ելեկտրածին շարժակներու դադրեցման գծով` մազութի չգոյութեան պատճառով: Ցուցարարները շրջանի երեսփոխաններուն դէմ բողոքեցին` յայտնելով, թէ այլեւս պիտի չքուէարկեն իրենց:
Թրիփոլիի Միաթէյն փողոցին վրայ ցուցարարներ փակեցին ճամբան:
Նմանապէս եւ նոյն պատճառներով որոշ ժամանակով փակուեցաւ Ասատ մայրուղին:
Իսկ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ բնակիչներ նոյնպէս փողոց իջնելով համախմբուեցան ելեկտրականութեան կեդրոններու մուտքին եւ բողոքեցին ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատումներուն դէմ:
Դատական ծիրին մէջ, ցուցարարներու խումբ մը համախմբուեցաւ Պէյրութի արդարադատութեան պալատին առջեւ` պահանջելով արգելափակեալ ցուցարար Ռապիհ Զէյնի ազատ արձակումը:
Նմանապէս, զանազան այլ շրջաններու մէջ ցուցարարներ պահանջեցին վերջ տալ փտածութեան երեւոյթին, հաշուետուութեան կանչել յանցագործները եւ վերադարձնել պետութենէն իւրացուած գումարները: