Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց «Միասին Քորոնայի դէմ» («Թուկետըր Ըկէյնսթ Քորոնա») բջիջային ծրագիրի մեկնարկը, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հետապնդել եւ զանազանել «Քորոնա»-ով վարակուած քաղաքացիները: Նախարար Հասան խոստացաւ մէկ շաբթուան ընթացքին կիրարկելի դարձնել նշեալ ծրագիրը, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ համավարակը հակակշիռի տակ պահելու աշխատանքին, կանխարգիլելու անոր տարածումը եւ ճշդելու վարակի օճախը:
Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ վարակուողներու օճախները անյայտ կը մնան, ինչ որ կ՛արգելակէ դարմանումի հեզասահ ընթացքը: Իսկ ան դրական նկատեց, որ համեմատաբար վարակուողներու մահուան թիւը մտահոգիչ չէ:
Նախարար Հասան յայտարարեց, թէ երէկ` հինգշաբթի, ընդամէնը 57 հոգի վարակուած եւ դրական նշան ցոյց տուած էին` «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 2599-ի:
Նոյն ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ հարաւային Լիբանանի Շհուր աւանին մէջ «Քովիտ-19»-ով վարակուած կին մը սգաւորներու ցաւակցութեան ընթացքին վարակած է 11 սգաւորներ:
Իսկ Ապիճանէն վերադարձած լիբանանցի մը, որ շաբաթէ մը ի վեր հիւանդանոց փոխադրուած էր «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալուն պատճառով, երէկ մահացած է:
Մայֆատուն շրջանին մէջ համաճարակի տարածման լոյսին տակ քաղաքապետութիւնը որոշած է փակել շրջանի վաճառատուներն ու այլ հանրային հաստատութիւնները, բացի դեղարաններէն, մինչեւ դարմանումի կանխարգելիչ միջոցառումներու ամբողջացումը: