ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայրենիքին համար ապրիլն ու պայքարիլը հերոսութիւն է,
իսկ մեռնիլը՝ անմահութիւն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հայկական տարածութիւններու վրայ ազերիական վերջին արկածախնդութիւնը պիտի ունենայ մէկէ աւելի հետեւանքներ: Տաւուշի շրջանին վրայ յարձակումը շատ հաւանաբար լայնածաւալ յարձակումի մը նախափորձը պիտի ըլլար: Սակայն մեր քաջարի բանակին կտրուկ պատասխանը Ազրպէյճանը մղեց վերանայելու իր հաշիւները:
Ազերիական յարձակումը Ազրպէյճանի ներքաղաքական պայքարէն լուսարձակները շեղելու Ալիեւի խելապատիկէն ելած «անմեղունակ» քա՞յլ մըն էր արդեօք, Մեծ հօրեղբօր դրդումով՝ բանակցութիւններէն հեռանալու, միջազգային ընտանիքին կողմէ մերժուած ռազմական ընտրա՞նք, թէ՞ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի նախագահութեան ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու նոյնքան «անմեղունակ» փորձ : Քիչ մըն ալ աւելին երթալով՝ Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ թուլացնելու փո՞րձ մը արդեօք…: Մէկ բան յստակ է, Տաւուշի եռօրեայ արկածախնդրութիւնը լուրջ փոփոխութիւններու ստիպողութեան առջեւ պիտի դնէ Ազրպէյճանը:
Փառք մեր նահատակ հայորդիներուն՝ հերոսի մահով հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած մեր յաւերժի փառքերուն:
Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն ցուցաբերած անձնուէր դիմադրութիւնը ձախողութեան մատնեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ճշմելու Պաքուի միտումները: Ընդհակառակը, Ալիեւի ապիկար, աժան ժողովրդավարութիւն ձեռք բերելու քայլերը աւելի պիտի զօրացնեն ԵԱՀԿ-ի բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի իբրեւ բանակցող կողմ ներկայանալու հայկական կողմին պնդումները:
Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն Հայաստանը ներկայացնող պաշտօնատարներ, իբրեւ լուծումի տարազ, շեշտը արդարացիօրէն կը դնեն ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ: Ազգային ինքնորոշումը, որ ամրագրուած է Ֆրանսայի առաջին սահմանադրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, ժողովուրդներուն կը վերապահէ իրենց պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, կրօնական աւանդութիւններուն հարազատ ճանապարհ: Ազգային ինքնորոշումը միաժամանակ եղած է ու կը շարունակէ մնալ ձեւաւորուող որեւէ պետականութեան հիմքը :
Ազգերու ինքնորոշման եւ ազատութեան գաղափարով առաջնորդուեցան 19-րդ դարու եւրոպական ցամաքամասի յեղափոխութիւնները: Միջազգային փոխյարաբերութիւններու մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակի սկսաւ օգտագործուիլ «ազգերու ինքնորոշում» եզրը:
Ատրպէյճան, հասկնալի պատճառներով, կը մերժէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքորոշման իրաւունքը ճանչնալու փաստը: Ընդհակառակը, Լեռնային Ղարաբաղի պետականութեան գոյութիւնը կը նկատէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ոտնահարում: Քայլ մըն ալ յառաջ երթալով՝ ազրպէյճանցիները ստորաբար դիտել կու տան, թէ հայ ժողովուրդը, անկախացած Հայաստանով, արդէն իսկ արտայայտած է իր ինքնորոշումը: Պաքուի կարծիքով՝ Ղարաբաղի հայերը առաւելագոյնը Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ կրնան ստանալ ինքնորոշման իրաւունք:
Միջազգային օրէնսդրութիւնը, ՄԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հռչակագրերը սպառիչ բացատրութիւններ եւ գնահատականներ կու տան ժողովուրդներու ինքորոշման իրաւունքներուն մասին: Անոնք միահամուռ կը զգուշացնեն՝ ձեւաւորուող պետութիւններու աշխարհագրական տարածութիւնները պէտք չէ դառնան ուժի, սպառնալիքի կամ բռնակցումի հետեւանք..: Միջազգային ընտանիքին համար դատապարտելի կը մնան այն պետութիւնները, որոնք, տարբեր ճանապարհներ օգտագործելով, թշնամական քայլերու կը դիմեն, ուղղուած՝ մէկ այլ պետութեան կամ երկրի ազգային միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Հայ ժողովուրդին դէմ դաւադրութեան այս իրողութիւնը ինքնաբերաբար կը չքացնէ հողային ամբողջականութեան թէզին կառչելու Ազրպէյճանի պատճառաբանութիւնները: Հայ-ազերիական բանակցութիւններու ընթացքին ոչ միայն անհրաժեշտ է յենիլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, այլեւ՝ շեշտել Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը բռնախլուած հող դաւանելու իրողութիւնը: Հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը կամ տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքը նոյնքան եւ աւելի հայ ժողովուրդին վերապահուած իրաւունք է, քան Ազրպէյճանին: Պատմականօրէն Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը երբեք մաս չեն կազմած Ազրպէյճան կոչուող պետութեան, որ միայն քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին, թուրք-գերմանական, թուրք -բրիտանական դաւադրութիւններու գնով առաջին անգամ երեւցած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէզին վրայ:
Ինքորոշման իրաւունքը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար ազատութեան, ապահովութեան եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ ապրելու սկզբունք է: Ատրպէյճանին կը մնայ հաշտուիլ ստեղծուած իրավիճակին հետ եւ հրաժարիլ արկածախնդրութիւններէն:
Միւս կողմէ, հայրենիքի ճակատագրական այս պահուն անհրաժեշտ է մէկդի դնել կողմնակի հաշիւները եւ առաջնորդուիլ հաւաքական մտքով, միասնական կեցուածքով եւ քայլերով:
Ողջո՜յն հայրենիքի սահմանները անառիկ պահող մեր քաջարի բանակին:
Յաւերժ փա՜ռք հայրենիքի ազատութեան մղուած մարտերուն՝ հերոսի մահով ինկած մեր քաջարի նահատակներուն: Խոնարհինք եւ արժանի ըլլանք մեր նահատակներուն սխրանքին: