«Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ եղած փոխադարձ կրակոցները մտահոգիչ են»: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ կրակոցները մտահոգիչ են: Երկու երկիրներուն համար շատ կարեւոր է ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ օգտագործել հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները` ուղղակիօրէն եւ միջնորդութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու», շեշտած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը: