Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուած էր Քուէյթ, երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:
Քուէյթի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի, Քուէյթի վարչապետ Սապահ Խալետ Համատ Սապահի, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասերի հետ:
Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմի հանդիպումները եղած են դրական, սակայն այդ մէկուն թարգմանութիւնը անմիջական պիտի չըլլայ:
«Ռայ»-ի համաձայն, Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ ընդգծած է, թէ լիբանանցիին հոգերը քուէյթցիին հոգերն են` մաղթելով, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը կը վերահաստատուի` բարեկարգումներու գործադրութեան ճամբով:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը, որմէ իմացաւ Քուէյթ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Հարկ է աւելցնել, որ նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին: