ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՍԱՆՍԱՐԵԱՆ ՀԱՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ
By adminx - Sat Jan 14, 7:54 am
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան Սանսարեան հան անունը կրող շէնքը հայ համայնքին վերադարձնելու համար դատական հայց ներկայացուցած է:
Սանսարեան հանը (պանդոկը) կառուցուած է 1895-ին` ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի կողմէ: 1944-էն ի վեր նշեալ շէնքը` պատկանելով Թուրքիոյ կառավարութեան, տարբեր նպատակներով օգտագործուած է, իբրեւ ոստիկանութեան բաժանմունք, դատարան, փաստաբանական գրասենեակ:
«Կ՛ուզենք, որ կառավարութիւնը բարի կամք դրսեւորէ եւ ինչպէս որ յոյներու պատրիարքարանին վերադարձուց որբանոցը, այդպէս ալ թող մեզի վերադարձնէ Սանսարեան հանը», ըսած է Աթեշեան սրբազան:






