Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ անդրադարձած է վերջին քանի մը ամիսներուն աշխուժօրէն քննարկուող Ս. Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու նիւթին:
Քուրթուլմուշ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանած է այն հարցումին, թէ արդեօք 15 յուլիսին Ս. Սոֆիան պիտի վերաբացուի՞ իբրեւ մզկիթ: Նշենք, որ 15 յուլիսին կ՛ամբողջանայ երկրին մէջ զինուորական անյաջող յեղաշրջումի չորրորդ տարին:
«Տայ Աստուած ինչքան կարելի է շուտ բացուի: Եթէ ինծի հարցնէք, այսօր ալ կը բանայի: Այս պահուս ատիկա բարձրագոյն դատական գործ է: Տայ Աստուած, այս նիւթով դրական որոշում կը կայանայ: Կ՛ակնկալենք, որ Այա Սոֆիան իբրեւ մզկիթ պիտի բացուի», նշած է Քուրթուլմուշ` ընդգծելով, որ այդ նիւթով իշխանութիւնները կը վայելեն ժողովուրդի աջակցութիւնը:
Թուրքիոյ գերագոյն դատարանը որոշած էր, որ Ս. Սոֆիա տաճարի` իբրեւ մզկիթ վերաբացման որոշումը պէտք է կայանայ երկիրի նախագահին որոշումով: Բազմաթիւ պետութիւններ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ Թուրքիոյ կոչ ուղղած են տաճարը պահելու իբրեւ թանգարան:
Նշենք, որ Ս. Սոֆիա տաճարը կառուցուած է 6-րդ դարուն, 1453 թուականին օսմանցիներուն կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք վերածուած է մզկիթի, իսկ 1934 թուականին Աթաթուրքի հրամանով դարձած է թանգարան եւ նման կարգավիճակով կը գործէ մինչեւ օրս:
Մինչ այդ, թուրք լրագրող Ռակըփ Սոյլու` յղում կատարելով իր գործընկերներուն եւ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ունեցած աղբիւրներուն, թուիթըրեան իր էջին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած է Ս. Սոֆիա տաճարը վերածել մզկիթի:
«Թուրք լրագրողները կառավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող վստահելի աղբիւրներուն յղումով կը վստահեցնեն, որ վարչական դատարանը միաձայնութեամբ որոշած է Ս. Սոֆիայի տաճարը վերածել մզկիթի` ջնջելով երկրի կառավարութեան 1934 թուականի որոշումը», գրած է Սոյլու:
Կը սպասուի, որ որոշումին մասին պաշտօնապէս յայտարարուի այսօր: Լրագրողը յստակացուցած է, որ երկրին ընդդիմութիւնը չի պատրաստուիր դէմ արտայայտուիլ այդ քայլին: