Սպանացի անուանի թենիսմէն՝ Ռաֆայէլ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մատրիտի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս գծով յայտնեց նոյնինքն սպանացին, մրցաշարքին կազմակերպիչ՝ Ֆելիսիանօ Լոփեսի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Madrid open»-ի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ այս տարի, 13-19 սեպտեմբերին, այսինքն այն ժամանակամիջոցին, երբ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութիւնը՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ը:
Նշենք, որ 34 տարեկան իր փորձերուն վերսկսաւ նախորդ 26 մայիսին, Մայորքայի մէջ իր հիմնած ակադեմիային մէջ: