Բրիտանիոյ մէջ նախատեսած են «Քորոնա» ժահրի չորս ալիք, ուստի մարդիկ պէտք է սորվին ինչպէ՛ս վարուիլ ժահրին հետ եւ նախազգուշական ինչպիսի՛ միջոցներու ձեռնարկեն` չվարակուելու համար: Այս մասին յայտարարած է անգլիական Պըրմինկհամի բժիշկ Շապի Ահմատը: Անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Պըրմինկհամ Լայվ»¬ը:
Թերթը կը հաղորդէ, որ բրիտանական քաղաքի յառաջատար բժիշկներէն մէկը եղող Ահմատ իր կանխատեսումը կը բացատրէ անով, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթը տակաւին չէ յայտնաբերուած: Մինչ երկրի կառավարութիւնը յայտարարութիւններ կը կատարէ, թէ «Քորոնա»-ի առաջին ալիքը կը մօտենայ իր աւարտին, բժիշկը պատրաստ չէ կիսելու այս լաւատեսութիւնը:
«Պիտի ըլլայ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ ալիք: Ժահրը այդպէս ալ պիտի չհեռանայ: Անիկա պիտի շարունակէ տարածուիլ տարբեր ձեւերով: Մենք պարզապէս պէտք է սորվինք ինչպէ՛ս անկէ պաշտպանուիլ», ըսած է Ահմատ` նշելով, որ հիւանդներու մեծ մասը, որոնք վարակուած են «Քորոնա» ժահրով եւ ծանր վիճակի մէջ եղած են, սեւամորթներ են, ասիացիներ կամ ազգային փոքրամասնութիւններ: