30-ամեակի հաւաքոյթ` Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան ուրբաթ, 6 մարտ 2020-ի երեկոյեան Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 30-ամեակը: Ներկայ էին աւելի քան 170 շրջանաւարտներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Ներկայ էին նաեւ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ, Զաւէն Խանճեան` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն եւ դոկտ. Յասմիկ Պարան` Հայկազեան համալսարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ: Օրուան հանդիսավար Մարի Գոնեալեանի բարեգալուստի ջերմ խօսքերէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները մեկնաբանեցին Արա Գուրույեան եւ Րաֆֆի Քերպապեան: Օրհնութեան աղօթքը կատարեց վերապատուելի Դանէիլ Ալպարեան:
Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան առաջին հերթին գովեստի խօսքերով ներկայացուց միութեան անցեալի ու ներկայի բոլոր շրջանաւարտներուն ու բարեկամներուն դպրոցին օժանդակութեան ձեռք երկարելու անսակարկ աշխատանքը: Ան բարձր գնահատեց հիմնադիր անդամները, որոնցմէ ներկայ էին Գաբրիէլ Ալպարեան եւ Սահակ Շամլեան, որոնք նոր սերունդի աշակերտները հայ քրիստոնեայ պահելու ոչ միայն տեսլականը ունէին, այլ երեսուն տարիներէ ի վեր, առանց դադարի, Լիբանանի խաղաղ ու ոչ խաղաղ օրերուն, նիւթական ու բարոյական նեցուկը դարձած էին իրենց սիրելի կրթութեան օճախին: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր անհատներուն եւ միութիւններուն, որոնք մասնակից դարձած են այս առաքելութեան յաջողութեան:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսքեր արտասանուեցան մասնաւորաբար Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Ճերի եւ Փաթ Թուրբանճեան Ուսումնական հիմնարկին, իբրեւ գլխաւոր բարերարներ: Պարոն Զաւէն Խանճեան յայտնեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան յանձնառութեան շարունակութիւնը Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ եւ դուրս գտնուող հայ աշակերտներուն եւ ուսումնական կազմակերպութիւններուն, որոնք քրիստոնէական եւ հայեցի կրթութիւն կը ջամբեն: Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սառա Անթիքաճեանները գնահատական յուշատախտակ մը ստացան, իբրեւ երախտագիտութիւն երկար տարիներու զօրակցութեան եւ օրուան հաւաքոյթին առիթով իրենց կատարած սրտաբուխ եւ ոգեւորիչ խնամակալութեան համար: Իսկ տիկին Սառա Անթիքաճեան ստացաւ «Տարուան շրջանաւարտը» անունով յուշատախտակը, տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումին համար:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար Լիբանանէն յատուկ ժամանած էր ԿԲՎ-ի տնօրէնուհի տիկին Մարալ Տէյիրմէնճեան: Տիկին Մարալ առաջին հերթին անդրադարձաւ Լիբանանի դպրոցներուն անբնական վերամուտին, քաղաքական եւ տնտեսական վատթարացման, որոնց պատճառով տուժած էին ընտանիքները եւ հետեւաբար` դպրոցը: Ան իր երախտագիտութեան զգացումները արտայայտեց այս բարեգործ Շրջանաւարտից միութեան ընտանիքին, որ իր հոգատարութեամբ յոյս կը ներշնչէ անշնչելի պայմաններուն մէջ անգամ: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի 337 աշակերտներուն մեծամասնութիւնը կը ստանայ կրթանպաստ: Տիկին Մարալ հպարտութեամբ յիշատակեց աշակերտներուն բարձրորակ յաջողութիւնները, որոնցմէ 22 փետրուար 2020-ին կայացած VEX 3 Robotic-ի մրցոյթը, երբ 15 մասնակից վարժարաններուն առաջին տեղը գրաւած է:
Ապագայ աշխատանքներուն մասին խօսելով տնօրէնուհին ակնարկեց 2022-ին վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ օրին կատարուելիք ձեռնարկներու ծրագրումին մասին: Խօսքի աւարտին, տիկին Մարալ վարչութեան նուիրեց Միութեան 30-ամեակը շնորհաւորող յուշատախտակ մը, որ ձեւակերպած էր Կարպիս Տէյիրմէնճեան: Երեկոն ճոխացաւ Սեպուհ Նաճարեանի եւ DJ Նարոյին երգերով, եւ մասնաւորաբար “Care for CHS” նշանաբանով: