ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Շա՛տ սիրելի ծննդավայրս,
Առաջին անգամ շնչած վայրս, մանկութեանս, պատանեկութեանս եւ երիտասարդութեանս ականատեսը եղած երկիրս, մասամբ խաղաղ եւ պատերազմի օրերդ հետդ անցուցած քաղաքս, զաւակներուս ծնունդի ուրախութիւնը բաժնեկցած դրախտավայրս՝ ինչպէ՞ս ես։
Գիտե՛մ, կը զգամ եւ կը ցաւիմ այս հարցումին տրուելիք հաւանական պատասխանին համար։ Երանի՜ դիւրին ըլլար պատասխանը, երանի՜ լաւ ըլլար պատասխանը ։ Թէպէտ շա՜տ հեռու եմ քեզմէ, սակայն տակաւին քեզի հետ կը շնչեմ։ Գիտեմ, շա՜տ յոգնած ես, ծանր կը շնչես, յոգնեցուցին, կանուխ ծերացուցին քեզ։
Տարիներու յոգնութիւնդ ինծի համար շատ աւելի զգալի դարձաւ, երբ հեռացայ քեզմէ եւ միայն ամառը կու գայի քովդ՝ կարօտս առնելու, վայելելու սիրելիներս եւ քու գեղեցիկ բնութիւնդ։ Ուրախ էի, սակայն կը զգայի, որ Լիբանանի հոգին ցաւի մէջ է։ Ամէն տարի կը նկատէի, որ նախորդ տարիէն աւելի յոգնած ես, տխուր ես, հոգեվարքի մէջ ես։
Դուն այն առաջին հողն ես, որուն վրայ ես ու զաւակներս ոտք դրած ենք, տուն եւ կեանք ունեցած ենք։ Երանի՜ հայրս մեզի այսքան չսիրցնէր Լիբանանը։ Ամէն անգամ որ երկիր մը ճամբորդէր, կը վերադառնար եւ կ՚ըսէր, «Իմ տանս պատշգամը բոլոր երկիրները կ՚արժէ, դուք լաւագոյն երկրին մէջ կ՚ապրիք»։ Այս հոգեկանով եւ հողին նկատմամբ սիրով կապուած ու ապրած ենք, սիրելի՛ երկիրս Լիբանան։
Թէեւ այսօր քեզմէ շատ հեռու եմ, բայց մնայուն կերպով լուրերդ կը լսեմ, կը տեսնեմ ապրած դաժան օրերդ եւ կը ցաւիմ այս բոլորին համար։ Որքան ալ աչքերս ու ականջներս փակեմ, սրտիս ցաւը չեմ կրնար կղպել։
Անուշի՛կ Լիբանանս, ինչո՞ւ քու զաւակներդ քեզ չսիրեցին իրենց անձնասիրութեան եւ դրամասիրութեան կէսին կամ քառորդին չափ։ Ինչո՞ւ պատասխանատուները չպաշտպանեցին հիւրընկալ, ուրախ, մշակոյթ ունեցող, աշխատասէր, կեանքով լեցուն ժողովուրդը։
Սիրելի՛ Լիբանան, տեսած եմ ու տակաւին կը հաւատամ, որ դուն միշտ ալ յաղթահարած ես եւ այսօր ալ պիտի յաղթահարես դժուար օրերը։ Կ՚աղօթեմ, որ Աստուած ձեռքը դնէ «Երկրի վրայ երկինքէն կտոր մը հողին»՝ Լիբանանին վրայ։ Յուսամ շուտով, պայծառ երկինքի տակ եւ լաւ օրերու կը տեսնուինք կրկին՝ ինծի կեանք տուող իմ երկի՛րս հարազատ։
Զաւակդ՝
ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Քանատա, 3 յուլիս 2020