Իրաքեան կառավարութիւնը շաբաթ օր թրքական կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց իրաքեան հողերուն վրայ թրքական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուող մարդկային ու նիւթական վնասներուն համար:
Իրաքի կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց «անմիջապէս դադրեցնել զանոնք (ոտնձգութիւնները «Ա.»), որովհետեւ Իրաքի գերիշխանութեան, կայունութեան, հողերու ամբողջականութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն ու անոնց վրայ յարձակում են»:
Իրաքեան կառավարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` որդեգրելու քայլեր, որոնք կ՛ամրապնդեն տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ կ՛աջակցին Իրաքին` իր հողերը պաշտպանելու, ժողովուրդին անվտանգութիւնը պահպանելու եւ գերիշխանական իրաւունքը գործադրելու:
Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ահմատ Մուլա Թալալ կոչ ուղղեց. «Դադրեցնելու գերիշխանութեան դէմ թրքական յարձակումները, որոնք կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան»:
«Կառավարութիւնը Պաղտատի մէջ թուրք դեսպանին երկու խիստ ոճի բողոքագիրներ յանձնեց», ըսաւ ան` նշելով. «Կառավարութիւնը օրէնքի ծիրին մէջ պիտի դիմէ Իրաքի թրքական յարձակումները մերժելու իրաւունքի հաստատման»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմատ Սահհաֆ «Մայատին»-ին յայտնեց, որ միակողմանի զինուորական մագլցումի շրջանցման համար պէտք է դիմել Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ քաղաքական լուծումներու հաստատ քայլի:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս իր մօտ կանչած էր Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ անոր յանձնած «գրգռիչ արարքները դադրեցնելու» պահանջ պարունակող խիստ ոճի բողոքագիր մը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ «Արծիւի մագիլ» զինուորական գործողութեան ամբողջացման համար «Վագրի ճանկ» գործողութեան շղթայազերծումը:
Ապահովական աղբիւրներ իրենց կարգին անցեալ ամիս թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին յայտնած էին հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական երեք նոր ռազմակայաններ ստեղծելու թրքական ջանքերու առկայութեան մասին:
Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ իրաքեան ուժերը իրաքեան հողերուն վրայ թրքական յառաջխաղացքը արգիլելու քայլեր որդեգրած են:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Հիւսիսի մէջ Թուրքիոյ սադրանքներուն հետ վարուելու ընտրանքներ ունինք: Կառչած կը մնանք դիւանագիտական ընտրանքին եւ պատասխանի կը սպասենք»: