ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Հայերը Ք.Ա. Մեծն Տիգրան թագաւորի օրերուն հասած են մինչեւ Լիբանան:
Ատկէ ետք՝ 1700 թուականին, հազարաւոր հայեր հաստատուեցան Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ եւ սկսան կառուցել ազգային եւ կրօնական հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Զմմառու վանքը, որուն հողը 1749 թուականին գնուեցաւ լիբանանցի մարոնի Խազէն ընտանիքէն, եւ հոն կառուցուեցաւ հայոց կաթողիկէ վանքը։
1915-ի Օսմանեան պետութեան գործած Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները հասան Լիբանան եւ հաստատուեցան հոս: 1930 թուականին Սիսի Հայոց կաթողիկոսութիւնը իր նոր նստավայրը հաստատեց Անթիլիասի մէջ, որ երկրորդ հարենիքի մէջ կառուցուած զօրեղ սիւններէն մին հանդիսացաւ:
Փիւնիկեցիներու օրերէն ի վեր Լիբանան եղած է գաղթականներու երկիր, ուր տարբեր ազգեր ապաստանած են, եւ շատեր ալ, իրենց կարգին, դէպի արեւմուտք գաղթած են՝ հասնելով ամերիկեան ցամաքամաս։ 1975- ի Քաղաքացիական պատերազմին եւս մեծ թիւով քաղաքացիներ գաղթեցին եւ հաստատուեցան արեւելքի եւ արեւմուտքի տարբեր երկիրներ։ Լիբանանցին միշտ ալ երբ գաղթեց մայրիներու երկրէն, երբեք չմոռցած իր ծննդավայրը եւ իր արմատները, անդադար իր նիւթական օգնութիւնը փոխանցեց եւ մինչեւ օրս կը փոխանցէ իր ընտանիքին եւ մարդասիրական հաստատութիւններուն: 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք, երբ Լիբանան թեւակոխեց տնտեսական տագնապալի նոր փուլ մը, եւ որուն պատճառով անգործութեան եւ աղքատութեան տոկոսը հսկայական աճ սկսաւ արձանագրել, արտերկրի լիբանանցիները, նաեւ լիբանանահայերը բազմապատկեցին իրենց օգնութիւնը, որպէսզի կարենան գոհացնել իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն գոյատեւման անհրաժեշտ թթուածինին մեծ մասը։ Մենք՝ իբրեւ լիբանանահայեր, երախտապարտ ենք եւ կը խոնարհինք նախաձեռնութեան ոգիին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք նոյնիսկ փոքր մասնակցութիւն բերին եւ պիտի բերեն օգնելու իրենց կարիքաւոր ազգակիցին: Երախտապարտ ենք Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհին մէջ գտնուող մեր ազգակիցներուն օգնութեան։ Երախտապարտ ենք մեր հոգեւոր հօր՝ Արամ Ա. վեհափառին, անոր հայրական աջակցութեան եւ հոգատարութեան համար։ Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ վեհափառ հօր ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակը եւ արեւշատութիւն կը մաղթեմ անոր։ Նորին սրբութիւնը անխտիր տէր դարձաւ եւ միշտ ալ տէր պիտի մնայ իր զաւակներուն՝ ամէնուրեք: Երախտապարտ ենք հայկական քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՌԱԿ-ին, ՍԴՀԿ-ին եւ ՀՅԴ-ին, որոնք միշտ ներկայ են եւ պիտի մնան ներկայ՝ գաղութի զաւակներուն կողքին։ Երախտապարտ ենք նաեւ հայոց առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն, մարդասիրական հաստատութիւններուն, ազգային կառոյցներուն եւ բոլոր բարերարներուն, որոնցմէ կ՛ուզեմ յիշել տարիներու բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնք այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին առանց վարանելու հսկայական գումարներով եւ քանի մը փուլերով իրենց գլխաւոր մասնակցութիւնը բերին օգնելու համար հայ ազգի բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Հարկ է յիշեմ անոնց բազմաթիւ բարեսիրական գործերը, որոնց մեծ մասը չեն յայտարարուած: Երկու օր առաջ, երբ պարոն Ալեքքոյին հետ կը խօսէի, գաղութին նիւթական մտահոգիչ վիճակին մասին եւ նոյնիսկ իմ անձնական ապագայի մտահոգութիւններուս մասին, մեծ յոյսերով ներշնչուեցայ իր թանկագին եւ խոհեմ խօսքերէն: Ես անձնապէս այդ խօսքերուն կարիքը ունէի եւ շատ երախտապարտ եմ իրեն: Այսօր, երբ իմացայ Պէզիքեան ընտանիքի մէկ միլիոն տոլարի նուիրատութեան մասին, իսկապէս զգացուեցայ, շատ մեծ անակնկալ էր ինծի համար: Ես մխիթարանքի կարիքը ունէի եւ պարոն Ալեքքոյէն ստացայ: Իսկ գաղութը, որ ունի նիւթական կարիքներ, անոնց մեծ մասը կարողացաւ եւ պիտի կարողանայ ստանալ: Կը յուսամ, որ ունենանք Պէզիքեան ընտանիքին նման օրինակելի հայորդիներ, որոնց կարիքը այս դժուարին պայմաններուն մէջ կը զգացուի, եւ որոնց օգնութեամբ գաղութը պիտի կարենանք ոտքի պահել եւ Լիբանանի վերածնունդին մեր հզօր մասնակցութիւնը բերել:
Կը հաւատամ, որ երբ այսօրուան սեւ ամպերը անհետանան, արեւը նորէն պիտի ծագի լիբանանեան հսկայական լեռնաշղթային ետեւէն եւ բարգաւաճման փուլով նոր կեանքի սկիզբ պիտի շնորհէ բոլոր լիբանանցիներուն։