Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, իտալական մամուլը յաճախակիօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, յայտնելով, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի խզէ իր ակումբին՝ Արսենալի հետ եւ ազատ գործակալի կարգավիճակով, վերջնականապէս պիտի միանայ իտալական կազմին, որուն հետ ան ինքզինք շատ աւելի ուրախ կը զգայ:
Սակայն հոս պէտք է կարեւորութեամբ նշել այն կարեւոր կէտը, որ ըստ «ՖԻՖԱ»-ին օրէնքին, ֆութպոլիստի մը կ՛արգիլուի իր գործող պայմագրութեան (վերջին տարին) ջնջման պարագային փոխ տրուիլ եւ ելոյթ ունենալ այլ կազմի մը հետ:
Այժմ կը մնայ իմանալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան Մխիթարեանի եւ անոր գործակալին՝ Մինօ Ռայոլայի յառաջիկային առնելիք քայլերը:
Նշենք, որ Մխիթարեանի ստորագրութիւնը կը պատկանի լոնտոնեան Արսենալի եւ ան այս տարեշրջանին է որ փոխ տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի: