Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երեք ճակատումներ: Այս հանգրուանի մնացեալ մրցումները կը կատարուին՝ այսօր եւ վաղը:
Պարսելոնա, որ երէկ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտին, անոր հետ արձանագրեց ոչհամոզիչ հաւասարութիւն մը՝ 2-2 արդիւնքով: Մրցումին երեք կոլերը նշանակուեցան փենալթի-ով, մինչ չորրորդը, շնորհիւ Տիեկօ Քոսթայի (Աթլեթիքօ)՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս: Պարսայի երկրորդ կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի, իսկ Աթլեթիքոյի երկու կոլերը՝ Սաուլ Նիկուես:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Պարսելոնա 70 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ ունի 71 կէտ:
Այլ գետնի վրայ, Վալենսիայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին մարզիչին՝ Ալպերթ Սելատեսին, դժգոհ մնալով այս տարեշրջանին անոր արձանագրած անբաւարար արդիւնքներէն: 44 տարեկան Սելատես, իր պաշտօնը ստանձնած էր 2019-ին:
Նշենք, որ Վալենսիա այսօր կը հիւրընկալէ Աթլեթիք Պիլպաոյին, մինչ վաղը Ռէալ Մատրիտ՝ Կեթաֆէին: