Քաթալոնիական Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ՝ Քիքէ Սեթիէն այս տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն, այս գծով յայտնեց «Goal»-ը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պարսա պիտի խզէ իր պայմանագրութիւնը՝ անոր հետ, նկատի ունենալով որ այս տարեշրջանին անոր արձանագրած արդիւնքները, ակումբին ղեկավարութեան կողմէ կը նկատուին անբաւարար:
Սակայն, կը նշուի նաեւ, որ շատ հաւանական է, որ ան շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, եթէ Պարսելոնա որեւէ տիտղոսի մը տիրանայ:
Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի քանի մը ֆութպոլիստներ, իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են անոր կատարած աշխատանքէն:
Այս տարուան յունուարին մարզիչ նշանակուած Սեթիէն, իր կազմին հետ 17 մրցումի ընթացքին ցարդ արձանագրած է 11 յաղթանակ:
Նշենք, որ այսօր՝ երեքշաբթի, 30 յունիսին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտին: