Միջազգային կրօնական ազատութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` Ս. Սոֆիայի տաճարը իբրեւ թանգարան պահպանելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»-ը:
«Ս. Սոֆիա տաճարը հոգեւոր եւ մշակութային մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհի տարբեր դաւանանքներու ներկայացուցիչ միլիառաւոր հաւատացեալներու համար: Մենք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` զայն իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան առարկայ պահելու եւ պահպանելու ատոր հասանելիութիւնը բոլորին համար` ներկայ թանգարանային կարգավիճակով», գրած է Պրաունպեք «Թուիթըր»-ի վրայ: