Հայաստանի մէջ կը շարունակէ բարձրանալ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը` 24 յունիսի դրութեամբ աւելնալով 711 նոր պարագայով: Նոյն օրը ապաքինած է 653 անձ, մահացած` 14 ուրիշներ:
Հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 21.717-ի, ապաքինածներունը` 10.797-ի, ներկայիս բուժուողներունը` 10.404-ի, մահերունը` 386-ի, իսկ ընդհանուր քննութիւններունը` 100.400-ի:
Վարակուածներ կան նաեւ Ազգային ժողովին մէջ. Ազգային ժողովի աշխատակազմի փոխնախագահ Լիլիթ Մինասեան հաստատեց, որ երեք պատգամաւորներ վարակուած են, կայ պարագայ մըն ալ` աշխատակազմին մէջ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ պատրաստուած են «Քորոնա» ժահրի քննութեան ծառայող հայկական արտադրութեան սարքեր, որոնք պիտի առնուին առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ` պետական պատուէրով իրականացուող հետազօտութիւններու համար: Ան այս մէկը նկատեց շատ լուրջ յառաջընթաց Հայաստանի բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններուն համար: