Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը կիրակի օր մրցանշային աճ արձանագրած է:
Այդ թիւը 24 ժամուան ընթացքին բարձրացած է 183.020-ով:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ, ըստ առօրեայ զեկուցումին, «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներու մեծագոյն աճը արձանագրուած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ, ուր նոր պարագաներուն թիւը հասած է 116 հազարի:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ աշխարհի տարածքին ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը շրջանցած է 8,7 միլիոնը, իսկ մահացածներուն թիւը հասած է աւելի քան 461 հազարի:
Աշխարհի տարածքին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով նոր վարակումներու մրցանշային նախկին թիւը 181.232 էր, եւ արձանագրուած էր 18 յունիսին: