Ըստ սպանական մամուլին,Պարսելոնա կ՛ուզէ այս տարեշրջանի իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները կայացնել …համակիրներով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի Պարսելոնա- Աթլեթիքօ Մատրիտ գագաթի ճակատումը կրնայ կատարուիլ համակիրներու ներկայութեան, այս գծով կը յայտնէ «Mundo Deportivo»-ն:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պարսելոնա իր մարզադաշտին՝ «Քամփ Նու»-ի դռները համակիրներուն դիմաց բանալու արտօնութիւն ստանալու նպատակով, յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմէ երկրին կառավարութեան:
Քաթալոնիական ակումբը մտադիր է 100 հազար հանդիսատես հիւրընկալող իր մարզադաշտին 35 հազար տոմսերը վաճառքի հանել: Անիկա չ՛ուզեր մարզադաշտը աւելիով խճողել՝ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նշենք, որ Պարսելոնա-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1 յուլիսին: