Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի իշխանութիւններէն երկու շաբթուան ընթացքին «յարձակողական վարքի մեղմացում» կ՛ակնկալեն, մասնաւորաբար Հոնկ Քոնկի նկատմամբ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յղում կատարելով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տէյվիտ Սթիլվըլի յայտարարութեան:
Սթիլվըլ այդ մասին յայտարարած է Հաուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական գրասենեակի անդամ, միջազգային հարցերով զբաղող Եան Ցզեչիի միջեւ հանդիպումէն ետք:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին, Չինաստանի վերջին գործողութիւնները կառուցողական չէին, եթէ նայինք Հնդկաստանին, Հարաւչինական ծովուն եւ Հոնկ Քոնկին առնչուող հարցերուն:
Ամերիկացի պաշտօնատարը մանրամասնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ ներքին անվտանգութեան եւ ազգային անվտանգութեան մասին օրէնքներու վերատեսութիւն կ՛ակնկալեն:
Սթիլվըլ բանակցութիւններուն մէջ չինական պատուիրակութեան վարքը բնութագրած է իբրեւ «համաձայնութեան տրամադրութիւն չունեցող»:
Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի բացառեր, որ Չինաստան կրնայ միտումնաւոր կերպով իր սահմաններէն դուրս տարածած ըլլալ «Քորոնա» ժահրը` այլ երկիրներուն տնտեսական վնաս պատճառելու համար:
Սպիտակ տան ղեկավարը այս առնչութեամբ նշած է. «Գոյութիւն ունի հաւանականութիւնը, որ ատիկա միտումնաւոր կատարուած է»:
Ան աւելցուցած է, որ մէկուկէս տարուան իր տնտեսական քաղաքականութիւնը «անոնց (Չինաստան) քարը քարին չէ ձգած»:
Թրամփ եւ ամերիկեան վարչակազմը առաջին անգամը չէ, որ Չինաստանը կը մեղադրեն «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ տեղեկութիւնը թաքցնելու յանցանքով, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ աշխարհը չկարենայ ժամանակին գնահատել իրավիճակի վտանգաւորութիւնը: