Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար եւ Եգիպտոսի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ամր Մուսա յայտարարեց. «Թուրքիան ներկայիս արաբական աշխարհին համար մեծագոյն վտանգն է: Անիկա վերջին օրերուն զինուորական քայլերու դիմեց արաբական աշխարհի երեք վայրերու մէջ` հիւսիսային Իրաքի մէջ օդային հարուածներու ճամբով, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ զինուորական ներկայութեամբ, Լիպիոյ մէջ ցամաքային, ծովու, վարձկաններու եւ միլիսներու ճամբով»:
«Շրջանին մէջ կը դիմագրաւենք շատ վտանգաւոր զարգացումներ, որոնց նորագոյնը Թուրքիոյ նոյն պահուն մէկէ աւելի վայրի մէջ գտնուելու կարողութիւնն է, ուստի Թուրքիան իր ռազմավարական կարողութեան պատճառով արաբական աշխարհին համար աւելի վտանգաւոր է, քան Իրանը, ինչպէս նաեւ անդամ է ՕԹԱՆ-ին եւ ռազմավարական ու հսկայական յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու հետ եւ նոյնպէս Ռուսիոյ հետ, ինչպէս նաեւ հասարակաց շահեր ունի Եւրոպական Միութեան հետ»: